Զօրակցինք Ջաւախքին

Date: Friday, June 08, 2012
From: 7:00 pm
Location: unavailable
Check Event on Facebook

Կազմակերպութեամբ Հ.Յ.Դ. Զաւարեան Ուսանողական Միութեան՝

Մեր զօրակցութիւնը յայտնենք Ջաւախահայութեան։ Դէմ դնենք վրացական իշխանութեան հայաթափման քաղաքականութեան։ Պահանջենք Ջաւախքի ինքնավարութիւնը, որ կ’երաշխաւորէ մեր 100000 հայրենակիցներուն հանգիստ կեանքը Ջաւախքի մէջ:

Մասնակցինք Ջաւախքի զօրակցութեան հաւաքին, որ տեղի պիտի ունենայ Ուրբաթ, 8 Յունիս 2012ին, երեկոյեան ժամը 7ին, «Արին» կեդրոնի կից, Պուրճ Համուտ:

Բանախօս՝ Բենիամին Պչաքճեան
Տեսերիզի ցուցադրութիւն
Գեղարուեստական յայտագիր

**************************************************

Ջաւախքի մէջ այսօր՝ հայերը հեռացուած են պետական ամէն մակարդակի պաշտօններէ:

Ջաւախքի մէջ այսօր՝ հայերը դիտմամբ կը զրկուին գործի առիթներէ։

Ջաւախքի մէջ այսօր՝ հայ քաղաքական գործիչները անարդարօրէն կը ձերբակալուին։

Ջաւախքի մէջ այսօր՝ հայ աշակերտը զրկուած է հայերէն լեզուի դասաժամերէ:

Ջաւախքի մէջ այսօր՝ վրացական իշխանութիւնները կը փակեն հայկական մշակութային կեդրոնները:

Ջաւախքի մէջ այսօր՝ վրացական իշխանութիւնները կը հալածեն հայկական եկեղեցին:

Ջաւախքի մէջ այսօր՝ հայկական դպրոցներուն կ՚արգիլուին ցեղասպանութեան 97 ամեակի ձեռնարկները։

Ջաւախքը այսօր՝ ծրագրուած կերպով կը բնակեցուի թուրքերով:

Zavarian Student Association of ARF was founded in 1904 in Beirut, Lebanon. Simon Zavarian along with eight Armenian scholars established a student association in the American University of Beirut.

Follow us
back to top