Մեր Մասին

Հ.Յ.Դաշնակցութեան Զաւարեան Ուսանողական Միութիւնը հիմնադրուեցաւ 1904-ին Պէյրութի մէջ:

Սիմոն Զաւարեան

1904-ին Սիմոն Զաւարեան` Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան ամէնէն հետաքրքրական դէմքը, ամբողջ տարուայ մը ընդացքին, կ’այցելէ Կիլիկիոյ թագաւորութեան տարբեր նահանգները որպէսզի տարբեր տեղեկութիւններ ապահովէր այդ տեղի բնակող հայերուն մասին եւ գտնէր զարգացած ու ազդեցիկ անձնաւորութիւններ, որ կայտառ հիմքը կազմէին ապագային առողջ կուսակցութեան մը: Նախ քան Եւրոպայ դառնալը իր վերջին կայարանը Պէյրութն էր-Լիբանան, որ ժամանակին Օսմանեան կայսրութեան ամէնէն աշխուժ նավահանգիստներէն մէկն էր միջեկրականին վրայ: Հոն ան հանդիպեցաւ Րուսիոյ դեսպանի՝ Կոսդանդին Կամսարականի, հայ մը, որ Պէյրութի հայերուն եւ անոնց շխատանքներուն մասին պէտք եղած գիտելիքները փոխանցեց Զաւարեանի: Կամսարական, որ նշանաւոր ընտանիքէ մը ծնած էր, մեծ նեցուկ կանգնեցաւ Զաւարեանի գործունէութեան մէջ եւ ամէն ձեւի օժանդակութիւններ մատուցեց անոր: Այն ժամանակ Պէյրութի հայութիւնը մի միայն 40-էն 50 ընտանիք կը համրուէին, եւ մեծ թիւով հայեր կը դասաւանդուէին եւ կամ կը հաճախէին ֆրանսական կամ ամերիկեան համալսարաններ երկրին տնտեսական վատ պայմաններուն հակարակ: Անոնք, իրենց կրթաթոշակները ապահովելու համար որպէս պարտիզպան, դռնապան եւ կամ ճաշարանի սպասարկող կ’աշխատէին: Ուսումը եւ ուսման դժուարութիւները մէկ կողմ, անոնք որպէս հայ ոեւէ բան չունէին իրենց ինքնութիւնն ու ազգութիւնը պահպանելու համար, թէ իրենց փոքրամասութիւն համարուելուն պատճառով եւ թէ ալ անոնց կրած ամէնօրեայ կեանքի դժուարութիւններու լուծի պատճառով: Սիմոն Զաւարեն հսկայական յեղափոխութեան եւ ազգապահպանման պէտքն ու պատրաստակամութիւն տեսաւ եւ առանց յապաղումի լծուեցաւ աշխատանքի դեսպանատան մէջ, իր շուրջ համախմբելով երիտասարդներ եւ անոոնց հետ բաժնեկցիլով իր մտածումներն ու մտահոգութիւնները: Ան Պէյրութէ մէկնեցաւ ինքնավստահ թէ այս խումբը խոստումնալից է եւ թէ անոնք ապագային պիտի դառնան օգտակար ձեռքեր յեղափոխական տարբեր աշխատանքներու հայկական մարզերէն ներս:

Էջի Սկիզբ
ԶՈՄ-ի Ծանօթացման Տեսաերիզ

All about the "Zavarian Student Association" in 90 seconds. 115 years and the path continues. Special thanks to Palig Dzadourian for the video. #ZavarianStudentAssociation #ZSA115 #Bold #Progressive #Perseverant

Posted by Zavarian Student Association Հ.Յ.Դ. Զաւարեան Ուսանողական Միութիւն on Thursday, April 18, 2019

Զաւարեան Ուսանողական Միութիւնը՝ 90 երկվարկեանի մէջ 

Հ.Յ.Դաշնակցութեան Զաւարեան Ուսանողական Միութիւնը հիմնադրուեցաւ 1904-ին, ձեռամբ Սիմոն Զաւարեանի եւ ութ մտաւորականներու Պէյրութի Ամերիկեան Համալսարանին մէջ- Լիբանան:

Ընկերակցէք Մեզի
back to top